ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Բարի եկած էք Մխիթարեան Միաբանութեան գրադարանի այս էջը, ուր պիտի գտնէք հայերէն թերթերու եւ հանդէսներու, ինչպէս նաեւ գիրքերու ու ձեռագրերու Վիեննայի Մենաստանի հարուստ հաւաքածոյէն թուայնացուած նիւթեր։ Թուայնացումի եւ հանրութեան տրամադրելի դարձնելու այս ծրագիրը համագործակցութեան արդիւնքն է՝ Մխիթարեան Միաբանութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիային ու իր Հիմնարար Գիտական Գրադարանին, եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին միջեւ։

Ժառանգութեան աշխարհագրութիւնը

Հոս պիտի գտնէք աշխարհի տարբեր ծագերուն հրատարակուած հայկական թերթերու քարտէզը։ Քարտէզը յաճախ պիտի թարմացուի։ Հայատառ թրքերէն գիրքերու եւ ձեռագրերու թուայնացումը կ՚իրականացուի Վիեննայի համալսարանի իրագործած նախագիծին պարունակին մէջ։ Նախագիծի ղեկավար՝ Դկտ. Եավուզ Քյոզէ, նախագիծի հովանաւոր՝ Վիեննա քաղաք։

Վայրեր
0
Հրատարակութիւն
0
Հայ ժառանգության աշխարհագրությունը

Թերթեր եւ հանդէսներ

Շուտով կը ներկայացուին ընտրուած պարբերականները։